ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅՈՎ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարարի առաջին տեղակալ Արթուր Առաքելեան տեղեկացուց, որ բանակցութիւններ կը տարուին Հայաստանի վրայով Հնդկաստանէն դէպի Եւրոպա բեռնափոխադրումներու շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ փոխ-նախարարին, փորձի նպատակով Գերմանիայէն ծովային երկու քոնթենեըր փոխադրուած է Հայաստանի վրայով դէպի Իրան։ Այս փորձը հնարաւորութիւն ընձեռած է հասկնալու համար այն հիմնական խոչընդոտները, որոնք կրնան յառաջանալ այս ճանապարհին վրայ։ Արթուր Առաքելեան ըսաւ.
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը պիտի հաստատէ Թուրքիոյ մօտ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պատճառ դարձած է այնպիսի իրավիճակի մը, որ անկարելի է յառաջընթաց ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտը մասնակցեցաւ «Մանրածախութեան օրեր 2016»ին:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ռուսաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը: