ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը աւարտած է իր աշխատանքները՝ որդեգրելով բանաձեւ մը, որ ուղղորդիչ պիտի ըլլայ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին:
Ֆրեզնոյի, Միացեալ Նահանգներ, Հայկական թանգարանին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 2-Դեկտեմբեր 16 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Արցախի Ոգին» խորագրեալ։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները քննարկումներ կը կատարեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հարցերուն շուրջ։
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնները՝ «Արեւելք» կայքէջին:
Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր ռազմաօդանաւեր գնել Ռուսաստանէն:
Լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատ ետ ստացաւ իր անցագիրը։
Արժանթինի Հայ կեդրոնի վարչութիւնը այսու կու գայ սրտի անհուն կսկիծով՝ գուժելու անակնկալ մահը երկար տարիներու իր նախագահին՝ յանձինս Ալպերթօ Ճէրէճեանի, որ նախընթաց օր սրտի կաթուածի պատճառով յանկարծամահ եղաւ, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամները եւ հայ գաղութի անդամները:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ մէջ որ-դեգրուած է նոր օրէնք մը՝ ամէն տարի աղբանոցներ նետուող մեծ ծաւալներով սննդեղէնի վատնումը կանխարգիլելու շարք մը միջոցառումներու մասին: