Լրահոս

ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Հաք­րու­քի շրջա­նէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի թի­րախ­նե­րը։

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԷՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Պէշ­թէ­փէի պա­լա­տէն ներս ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ։

Հրայր Թերզեանի Անուան Փողոց՝ Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին Մէջ

Ի­տա­լիոյ Վե­րո­նա քա­ղա­քին մէջ, Յու­լի­սի 16-ին, կա­յա­ցաւ քա­ղա­քի փո­ղո­ցնե­րէն մէ­կուն ա­նուա­նա­կո­չման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Փո­ղո­ցը կո­չուե­ցաւ ջղա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ, Վե­րո­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռա­ջին վե­րա­տե­սուչ Հրայր Թեր­զեա­նի ա­նու­նով:

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Ռատիոյին

Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը մեծ ցնծու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ գտնուե­լով Սու­րիոյ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ռա­տիօ­կա­յա­նի, 2011 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող եւ իր ձայ­նը հա­մայն աշ­խար­հին հասց­նող, ՌԱ­ՏԻՕ Ե­ՐԱ­Զ­-ի կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

ՊԻՏԻ ՍՊԱՆՆՈՒԷԻ…

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ CNN International հեռուստակայանին։
Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ կը շարունակուի լայնածաւալ հարցաքննութիւնը: Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պատգամներ կը փոխանակուին Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի յանձնման խնդրին շուրջ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ ժողովուրդը զգուշացուց փողոցներու մէջ խափանարարութիւններու հաւանականութեան դէմ։

ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալները բռնագրաւուած կը պահեն ոստիկանական գունդի բաժանմունքը:
Ընդդիմադիր ուժեր Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցեր կամ երթեր կ՚իրականացնեն: Հակաահաբեկչական գործողութիւններու խոչընդոտման պարագային իրաւապահ մարմինները պիտի գործադրեն համարժէք միջոցներ:

ՇԻՇԼԻԻ ՓՈԽ-ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՃԵՄԻԼ ՃԱՆՏԱՇ ԶՈՀ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ

Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ճե­միլ Ճան­տաշ ե­րէկ զոհ գնաց մա­հա­փոր­ձի մը։ Շի­նու­թիւն­նե­րու եւ թոյլ­տուու­թեան վկա­յա­կան­նե­րու գծով փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ճե­միլ Ճան­տաշ ե­րէկ յար­ձակ­ման են­թար­կուե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ։

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պեց ա­մառ­նա­յին աշ­խա­տա­նոց մը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րաշ­խու­ժաց­ման ջան­քե­րուն շրջագ­ծով։ Ան­ցեալ շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ 2016-ի այս աշ­խա­տա­նո­ցը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Իս­թան­պու­լէն կրթա­կան մշակ­ներ։

Էջեր