ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱԿԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը յառաջիկայ ամսուան սկիզբին պիտի նշուի նաեւ Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, 1-5 Դեկտեմբեր թուականներուն Երեւանի մէջ յոբելենական ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ եւ այդ շարքը պիտի համախմբէ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը, անդամները, գործընկերներն ու համակիրները։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը երէկուան դրութեամբ պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրաւ «Հայաստանի թանգարաններ. Սէրկէյ Փարաճանովի թանգարան» անունով երկու նամականիշ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս դրոշմաթուղթերուն վրայ ներկայացուած են Սէրկէյ Փարաճանովի թանգարանի սրահներու քոլաժներուն պատկերները։
Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի բարձր շքանշանով։ Ժընեւի մէջ, Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը։
Նախընթաց օր, Air France նշած է Փարիզ-Երեւան թռիչքներու հաստատման 10-րդ տարեդարձը: Air France-ի առաջին թռիչքը տեղի ունեցած էր 2006 թուականին՝ Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ: Այս տասը տարիներու ընթացքին Փարիզ-Երեւան թռիչքներէն օգտուած է աւելի քան 500 հազար ճամբորդ:
Եւրոյանձնաժողովի Հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծով նախատեսուած երկխօսութեան հանդիպման մը համար կը գտնուէր Երեւանի մէջ, երէկ այցելեց Մատենադարան։ Յանձնակատար Մոէտասին ընկերացաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Պուլկարիոյ «Փեն» ակումբի եւ Պուլկար գրողներու միութեան «Փլամք» ամսագիրը, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, իր աշնանային հրատարակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան՝ Մաշտոցէն եւ Նարեկացիէն մինչեւ մեր օրերը:
Սերժ Սարգսեան կրնայ տեսակցիլ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ եթէ հանդիպումը օգուտ մը բերէ:
Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ութերորդ անպաշտօն ժողովը: