ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐ ԵՐԴՈՒՄԸ ԵՒ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփ այսօր պաշտօնապէս կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ Պարաք Օպամային, որ անցեալ շուրջ ութ տարիներուն երկու շրջան ղեկավարեց ներկայ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պետրոս Շիրինօղլուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց հեղինակաւոր պատմաբան ու վիմագրագէտ Արսէն Յարութիւնեանի կողմէ հեղինակուած՝ «Վաղարշապատ. վանքերը եւ վիմական արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը։ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ հրատարակուած է այս գործը, որ նուիրուած է Վաղարշապատի վանքերու վիմագրական ժառանգութեան համակողմանի քննութեան։
Յունուարի 21-ին, Երեւանի Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ պիտի բացուի Արագած Ախոյեանի՝ «Վերադարձ…» խորագրեալ գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը։
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
«Գրաւեալ տարածքները պիտի վերադարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման պահուն»:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան Չանքայայի ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։