ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայ շաբթուան տեւողութեան շարք մը ժողովներու կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ։ Ան այսօր Վիեննայի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Միջուկային անվտանգութեան նախարարական համաժողովին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարեց, որ Իսրայէլ որդեգրած է վտանգաւոր ընթացք մը։ Ուաշինկթընի մէջ, Ռուքինկզի կաճառէն ներս կազմակերպուած ֆորումի մը ընթացքին Ճոն Քերի խօսեցաւ Իսրայէլ-Պաղեստին յարաբերութիւններուն շուրջ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ միաբեւեռ աշխարհը կքած է։ Ռուսական NTV հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Արեւմուտքը։
Իտալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէ մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր բարձրացնել իր լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ ժողովուրդը ընթացք չէ տուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց լուսանկարիչ Նուրհան Աքքայան, որ վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ լրագրող Սեւան Աթաօղլու, որ այդ ցուցահանդէսին կազմակերպման աշխատանքները համակարգած էր։
«Սարեան» լարային նուագարաններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Սա ուսուցողական երաժշտական համերգային ծրագիր մըն էր, որ նախատեսուած էր պատանիներու համար։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պաքուի մէջ։ Ան կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։