Լրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Ար­ցա­խի մէջ ե­րէ­կուան դրու­թեամբ սկսան ռազ­մա­փոր­ձեր։ Մինչ ճա­կա­տին վրայ դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ու­ժե­րը բազ­մաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տա­րա­կան զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են։

Արթուր Աբրահամ ՅաղթաԿԱՆ

Պեր­լի­նի մէջ (Գեր­մա­նիա), գտնուող «Մաքս Շմե­լինկ» մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս, 16 Յու­լի­սին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տիկ Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի եւ նոր­վե­կա­ցի Թիմ-Ռո­պին Լի­հաու­կի ճա­կա­տու­մը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹ

Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ պետական գրեթէ բոլոր օղակներէն ներս լայնածաւալ գործողութիւններ սկսան՝ հերձատիրական խումբի բացայայտման նպատակով:
Երկրի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ցոյցեր:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յամառ ոճով սկսաւ պահանջել, որ ԱՄՆ Թուրքիոյ յանձնէ զուգահեռ կառոյցին ղեկավարը:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ոստիկանութեան բաժանմունքներէն մին երէկ բռնագրաւուեցաւ խումբ մը զինեալներու կողմէ:
Իրաւապահ մարմինները աշխատանք կը տանին հարցը առանց յաւելեալ արիւնահոսութեան լուծելու համար. ոստիկան մը զոհ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպքերու ընթացքին առընչութեամբ: Կը պահանջուի Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը:

ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէն ա­ւար­տեց 40-րդ նս­տա-շըրջա­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, այս նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով, ինչ­պէս ար­դէն կը նա­խա­տե­սուէր՝ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը ընդգր­կուե­ցան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ» ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի 2015-2016 ու­սում­նա­կան շրջա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՍՏՈՒՄ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՖԻՖԱ-ի ՆՈՐ ԴասաւորՄԱՆ ՄԷՋ

ՖԻ­ՖԱ-ն հ­րա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին խում­բե­րուն մի­ջազ­գա­յին նոր դա­սա­ւո­րու­մը, ո­րուն ա­ռա­ջին հինգ դիր­քե­րուն վրայ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն ար­ձա­նագ­րուած է:

ՕԴ, ՋՈՒՐ, ՀԱՑ ԵՒ... ժողովրդավարութիւն

Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուրքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւումով։
Աշխարհի աչքին առջեւ կանխուեցաւ զինուորական յեղաշրջման փորձ մը: Զուգահեռ կառոյցին դաւադիր ծրագիրը ձախողեցաւ շնորհիւ պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին աննախընթաց դիմադրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անզիջող եւ պաղարիւն դիրքորոշումով, նաեւ կուռ կոչերով երաշխաւորեց երկրին կայունութիւնն ու ներքին միասնականութիւնը։
Մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ապրուեցան արիւնալի դէպքեր։ Ազգային մեծ ժողովի շէնքը եօթ ռումբերու թիրախ դառնալով կրեց աննկարագրելիօրէն ծանր վնասներ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս առաւօտ ազատուեցաւ գերութենէ։ Ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը տէր կը կանգնին վարչակարգին։
Թուրք զինեալ ուժերէն հերձատիրական սակաւաթիւ խումբին հաշուարկները չարդարացան։ Բանակի վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան դէմքեր ձերբակալուեցան։ Դատախազական կառոյցները ձեռնարկեցին լայնածաւալ հարցաքննութեան միջազգային ընտանիքը անվերապահօրէն կը զօրակցի իշխանութիւններուն։
Քաղաքիս հանրային փոխադրամիջոցները կը գործեն սովորական թափով, քանի մը բացառութեամբ։ Առօրեան բնականոն հունին վերադարձած է ահռելի ցնցումէն վերջ։

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

​Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին ապրուեցաւ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը. 84 զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր։
Փարիզի դէպքերէն վերջ թիրախ դարձաւ Նիսը։
Փրոմէօնատ տէ զ՚Անկլէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ, հռավարութեան ընթացքին մեծ քամիոն մը խուժեց ներկաներուն մէջ ու 2 քմ. յառաջացաւ կրակ բանալով բոլորին վրայ։

ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր եւ ա­նոնց շուրջ Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Էջեր