ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ երէկ բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ երէկ բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան շրջագծով երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Փորոշենքօ այս առթիւ յայտարարեց, որ իր երկիրը չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը ու կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի նման դիրքորոշումը Խրիմի հարցին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փորոշենքօ ըսաւ.
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Օրուան երկրորդ կէսին ան կը հասնի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։
ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ:
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի ժողովը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուականին ստեղծուած էր այս խորհուրդը, սակայն 2014 թուականէն ի վեր անոր աշխատանքը ընդհատուած էր՝ Խրիմի՝ Ռուսաստանին կցուելուն հետեւանքով։
Երեւանի մէջ կը շարունակուի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 13-րդ փառատօնը, որ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ շարժանկարի աշխարհին կողմէ։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։