ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Պատրիարքական Աթոռը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս շրջանին աշխատանք կը տանին İtimat Büro-ի գործունէութիւնը կատարելագործելու եւ ընդհանուր համակարգը աւելի գործնական դարձնելու ուղղութեամբ։
Պատրիարքական Աթոռը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս շրջանին աշխատանք կը տանին İtimat Büro-ի գործունէութիւնը կատարելագործելու եւ ընդհանուր համակարգը աւելի գործնական դարձնելու ուղղութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ քանիցս այցելած է թէ՛ քաղաքս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիան, ուր հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ամենայայտնի կոթողներուն վերաբերեալ կատարած է նկարահանումներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռեսուլ Էմրահ Շահանը, որ ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է։ Շահան եւ ընկերակիցները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ բաժնեցին Շիշլիի ապագային վերաբերեալ իրենց մտահորիզոնը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին:
Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը հերթական սիրոյ սեղանին ընդառաջ զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ համայնքին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ գլխաւորեց Պատրիարքարանի անձնակազմի հաւաքոյթին:
18 Ocak 2024 günü TET ajanda platformu üzerinden yapılan, “öğretmenler ve gereksinimleri” konulu canlı yayında katılımcıların vakfımıza yönelttikleri sorular neticesinde, aşağıdaki açıklamanın yapılması zorunlu olmuştur.
Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գաւազանակիրը նշանակուեցաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ վարպետ Ժուլիա Մութլու նշեց իր գեղարուեստական գործունէութեան 50-ամեակը։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու ուղղութեամբ եւ այդ ջանքերուն պտուղներն ալ աստիճանաբար կը քաղէ։ Շիշլիցիները վերջին օրերուն այս առումով մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ ականատես ըլլալով այդ հետեւողական ջանքերու արդարացման հերթական դրսեւորման։
Գաւառի հոգեւոր տեսուչ եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս տարեմուտի առթիւ շարք մը այցելութիւններ տուաւ՝ իրեն վստահուած շրջանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։