ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը համալսարանականներ։ Պոննի համալսարանի ուսանողներէն բաղկացած էր խումբը, որու գլուխը կը գտնուէին երեք դասախօսներ՝ փրոֆ. Պերթ Ռէօպըն, փրոֆ. Քրիստիան Հորնունկ եւ տքթ. Մարինա Քիրուտի։ Այս խումբը Թուրքիա այցելութեան առիթով փափաքած էր այցելել հայոց հոգեւոր կեդրոնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան առթիւ։ Ան զրոյցի տեւողութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան եւ դերակատարութեան շուրջ՝ ներառեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ զբաղեցուցած դիրքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու կացութեան շուրջ, նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

Հիւրերը դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025