ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն այցելեցին «Ուսողութեան գիւղը», Շիրինճէ։ Խումբը առաջնորդեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Աշակերտներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էր ծանօթանալ յայտնի մասնագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։