Չորեքշաբթի 3, Սեպտեմբեր 2025
ԱՐՈՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ճատրակի առասպել Լեւոն Արոնեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ մրցաշարքերու կը մասնակցի ու կը նուաճէ նոր գագաթներ։ Լեւոն Արոնեան դէպի Սամարղանդ (Էօզպեքիստան) ճանապարհին կանգ առած է Իսթանպուլի մէջ։ Կարճ կեցութեան ընթացքին ան կը հիւրընկալուի մեր համայնքի ճատրակի սիրահարներէն Առնօ Կարապետեանի կողմէ։ Անոնք վաղեմի ընկերներ են եւ ներկայիս Մեծ կղզիի մէջ կը շարունակեն իրենց բարեկամութիւնը։ Ծանօթ է, որ Առնօ Կարապետեան Իսթանպուլի ճատրակի միութեան նախագահն է։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025