ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Վաքըֆլըգիւղի հայրենակցական միութեան վարչայիններէն Միսաք Սիլահլըն եւ Թամար Քարթուն-Ինթիպան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Սիլահլը եւ Ինթիպա զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցին, որ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի պիտի ունենայ՝ հանգուցեալ վաքըֆլըգիւղցիներու եւ անոնց հարազատներուն ու ազգականներուն համար։ Բացի Նորին Ամենապատուութեան այս կապակցութեամբ օրհնութիւնը խնդրելէ՝ հիւրերը անոր ուշադութեան յանձնեցին միութեան գործունէութեան մասնրամասնութիւնները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հանգուցեալներու նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալու ուղղեալ միութեան զգայնութիւնը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց իրեն մատուցուած տեղեկութիւններուն համար եւ յաջողութեան մաղթանքներն ու օրհնութիւնը յղեց միութեան վարչայիններուն։