ԳԷՈՐԳ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի անուններէն Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի տնօրէն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ վարձակալ կը փնտռուի Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, տասնամեակներէ ի վեր չի գործեր այս վարժարանը, որու շէնքին սեփականութեան իրաւունքը պաշտօնապէս կը պատկանի Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։
Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբերը այս օրերուն թափով յառաջ կը տանին իրենց նախապատրաստական աշխատանքները։
Տոց. Թորոս Ալճան տեսակցեցաւ փոքրամասնական հաստատութիւններու իրաւաբաններուն հետ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պետի Զիվէր։ Յառաջացած տարիքի մէջ, դժբախտաբար ան ունեցած է առողջական վերիվայրումներ, իսկ բոլորովին վերջերս անցուցած ուղեղի արիւնահոսութիւնը անշրջադարձելի հետեւանքներ ունեցած է իր տեսակէտէ։