ԻՏԱ ԳԱՀՐԱՄԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Արժէքաւոր գեղանկարչուհի Իտա Գահրաման Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ երէկ բացաւ իր հերթական գեղանկարչական ցուցահանդէսը։
Արժէքաւոր գեղանկարչուհի Իտա Գահրաման Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ երէկ բացաւ իր հերթական գեղանկարչական ցուցահանդէսը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երուսաղէմի Մանուկեան Պատրիարքին կողմէ Իսթանպուլ կատարուած վերջին առեղծուածային հերթական այցելութեան վերաբերեալ մեր լրատուութեան կապակցութեամբ ստացանք «պատասխանբաց նամակ» մը, ստորագրութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի, որ կ՚ընկերանար իրեն։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը սկզբունքօրէն իրեն ուղղուած ճշդումները կամ պատասխանները անպայման կը հրատարակէ։
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի բարձունքին վրայ Մուսա լերան հովը փչեց՝ նուիրական արժէքներու եւ ժողովրդական ապրումներու համադրութեամբ:
Շաբաթ երեկոյեան կատարուած տօնախմբութեան աւարտին պատրաստուիլ սկսած աւանդական հարիսան երէկուան Ս. Պատարագէն վերջ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի, վոլէյպոլի եւ ճատրակի ամրան դասընթացքները պսակուեցան յաջողութեամբ:
Եղանակի եզրափակիչ արարողութիւնը երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ շնորհուած շնորհակալագրին եւ յուշամետայլին յանձնման հանդիսաւոր հաւաքոյթը:
Ղազարոս Ունան երախտագիտական զգացումներով շրջապատուեցաւ՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին մատուցած նուիրեալ ծառայութիւններուն բերումով:
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Վարչութիւնը աշխատանքի ձեռնարկած է՝ գրքոյկ մը հրատարակելու համար:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է պարգեւատրել Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի սիւներէն Ղազարոս Ունանը, որ երկար տարիներ բեղուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
VADİP-ի ելմտական յանձնախումբը ընդլայնուած կազմով ժողով մը գումարեց Պատրիարքարանի մէջ:
Համայնքային վարիչները նոր դրութիւն մը կը հաստատեն՝ նիւթական կարգապահութիւնը ամրապնդելու համար: