ՀԱՅՃԱՐ-Ի 9-ՐԴ ՏԱՐԻՆ
Գնալըի Կազդուրման կայանի պատշգամին վրայ տեղի ունեցաւ տարեդարձի խանդավառ ընթրիք մը, որ անցաւ փայլուն:
Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին բոլորը դրուատիքով անդրադարձան ցարդ կատարուած գործունէութեան եւ խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցան ապագայի համար:
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբը վաղը պիտի ուղեւորուի Երեւան։ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Իսթանպուլի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 140 հոգիէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի մթնոլորտէն ներս կը վերարժեւորէ իր նահատակ աշխատակիցներուն գործերը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։