ԷՍԱԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ
Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը կայացաւ երէկ երեկոյեան։ Հանդիսաւոր ընթրիքին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթնիկ Նշան, նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, ուսուցչական կազմը, ծնողներ, հրաւիրեալներ։
Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։