Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Մոնիքա Շըմուց Քըրկէօզը։ Կը հաղորդուի, որ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեսակցած է զուիցերացի դիւանագէտին հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։