ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՆԵՐԿԱՅ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՆՈՒՐԲ Է, ՊԷՏՔ Է ՍՊԱՍԵԼ ՅԱՐՄԱՐ ՇՐՋԱՆԻՆ»
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը, մասնակցած է փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներու սոյն խորհրդակցութեան։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի մթնոլորտէն ներս կը վերարժեւորէ իր նահատակ աշխատակիցներուն գործերը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ անժամանակ ձեւով յանկարծամահ եղած է մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Լեւոն Կսրկ. Քիրէմիտճեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի անուններէն Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի տնօրէն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։