Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած՝ մա­նուկ­նե­րու զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ մաս­նա­գի­տա­կան հեր­թա­կան հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։ Իր նման­նե­րու շար­քին երկ­րորդ այս հա­ւա­քոյ­թի նիւթն էր՝ ծնող­նե­րու կող­մէ մա­նու­կի մը ա­ռողջ զար­գաց­ման հա­մար նպաս­տը եւ նպա­տա­կաս­լաց հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եզ­րե­րը։

ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Քրիս­տին Սա­լէ­րի» հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թին մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այս հիմ­նար­կը ստեղ­ծուած է վառ պա­հե­լու հա­մար ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կը։

ՈՒ ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐԻ ՀԵԶԱՃԿՈՒՆ ՊԱ՛ՐՆ ԵՄ ՍԻՐՈՒՄ…

Չա­րեն­ցի տո­ղե­րը մեր մտքին մէջ էին ե­րէկ ե­րե­կո­յեան. «… Ու նա­յի­րեան աղ­ջիկ­նե­րի հե­զաճ­կուն պա՛րն եմ սի­րում…»։ Ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծին տո­ղե­րը վե­րար­ժե­ւո­րուե­ցան մեր ա­կա­նա­տես ե­ղա­ծով։ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը կա­խար­դա­կան ե­լոյթ մը պար­գե­ւեց թրքա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Եւ ի վեր­ջոյ հա­սած է սպա­սուած օ­րը։ Այ­սօր ե­րե­կո­յեան, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­յէ, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թին ելոյթը՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հետ։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ֆութ­սա­լի մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին։ Մրցա­շար­քին մա­նա­ւանդ ա­ւար­տա­կան փու­լը ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ա­ւար­տա­կան խա­ղի ի­րա­ւա­րարն էր ա­կում­բի մար­զիկ­նե­րէն Մի­նաս Ա­սա։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի հին­գե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պեց աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ա­նու­նով հաս­տա­տուած միջ­լի­սէա­կան լու­սան­կար­չա­կան մրցոյ­թը։ Իս­թան­պու­լի հա­րիւր տա­րուան լի­սէ­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն է այս մէ­կը, ո­րու դա­տա­կազ­մին ան­դա­մակ­ցե­ցան՝ Ա­րա Կիւ­լէր, Ռե­ֆիք Ա­քեիւզ, Սեչ­քին Թեր­ճան, Մա­նուէլ Չը­թաք, Եա­շար Սա­րա­ճօղ­լու, Սիլ­վա Պին­կազ եւ Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու։

ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱՌԱՍՊԵԼԸ

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը վա­ղը ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Իս­թան­պու­լի մէջ, Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հետ հա­մա­տեղ։ Իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան Նա­յի­րեան աշ­խար­հի ա­ռաս­պե­լին հա­ղորդ դառ­նա­լու, ինչ որ ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեկ­նե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ իր հետ ու­նե­նա­լով Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեանն ու Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեա­նը։ Հայր Սուր­բը եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն շփում­ներ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի Նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։

Էջեր