ՄԻԼԵՆԱ ԱՅՍԵԼԻԻ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՔԱԼՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ժիրայր Քըլըչտաղ կը տեղեկացնէ.-
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ՝ Միլենա Այսելի եւ Ռաֆֆի Քալք վերջերս աւարտած են «Կետիկ» համալսարանի Մարզական գիտութիւններու ֆաքիւլթէն։