ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՈԼԻՍԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեանի ելոյթը Գումգաբուի շաբաթավերջի համերգին ընթացքին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեանի ելոյթը Գումգաբուի շաբաթավերջի համերգին ընթացքին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիւգիւղի ընտանիքին կողմէ:
Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ իր սաները երէկ քաղաքէս հրաժեշտ առին՝ «Ալաճաճեան» սրահի սիրոյ սեղանէն եւ Վոսփորի նաւապտոյտէն վերջ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ան վերյիշուեցաւ փառաշուք ձեռնարկով մը, որ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելենական ներկայ հանգրուանին շրջագծով շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Համանուն ուխտի հիմնադիրներն ու սպասաւորները վերյիուեցան բիւր յարգանքով։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Գալֆաեան ուխտի միաբաններուն համար։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը նախընթաց օր նախաճաշ մը կազմակերպեց Ֆլորիայի «Շազելի» ճաշարանին մէջ։ Շուրջ 250 հոգի մասնակցեցաւ այս հաւաքոյթին, որու մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իրան։ Թեհրանի Հայոց Թեմական խորհուրդի հրաւէրով՝ իր ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս ամսավերջին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին՝ Անահիտ Տիլսիզեան։ Իսկապէս եզակի անհատականութիւն մըն էր Անահիտ Տիլսիզեան, որ կը վայելէր մեծ յարգանք ու համակրանք։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հարցերու վերաբերեալ քննարկում մը։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուցած էր այս մասին։
Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ «Hangisi Babası» անուն զաւեշտը միութեան թատերախումբին կողմէ պիտի բեմադրուի՝ բեմադրիչ Մերթ Ասութայի մականին ներքեւ։