ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԻՒՐ
Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եզակի համերգ մը, որու ծրագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ այս նախագծին մասնակից արուեստագէտները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երգահան-երաժիշտ ու երգիչ Տանիէլ Տեքէր, որ ինքզինքը կոչումով հայ կը համարէ, այս համերգին շրջագծով առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ ամբողջովին հայերէն երգացանկով մը։