ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ կանայք երէկ Մարտի 8-ի առթիւ համախմբուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով անոնք նշեցին Համաշխարհային կանանց օրը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ մշակուած է մասնաւոր ծրագիր մը։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու այդ կառոյցի հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։
Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սարին Թաշհան իրաւունք շահած է յաճախելու Հայաստանի յառաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ UWC-ի Դիլիջանի գոլէճը։ Ան ներկայիս կ՚աշակերտի Կեդրոնական վարժարան, որմէ առաջ աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ սկսաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի տասն միութիւններու մասնակցութեամբ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ ու տանտիրութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ պիտի շարունակուի երեք շաբաթ։
Երէկ, «Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ 8 Մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան ընդառաջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու նպատակն էր Շիշլի մարզակումբի նոր տիկնանց կազմին ծանօթացումը։