ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան աւանդական նախաճաշի հաւաքոյթը կայացաւ երէկ։ Հանգստեան կոչուած ու գործունեայ ուսուցիչներ Համբարձման արձակուրդէն օգտուելով, ինչպէս անցեալ տարիներուն, ապրեցան անմոռանալի ժամեր՝ Ֆեներպահչէի «Ռոմանթիքա» ծովահայեաց զբօսարանին մէջ։