ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՑԵՐԵԿՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՈՎԱՆԻ
Երէկ, Մխիթարեան վարժարանին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ հաստատութեան երիցագոյն սաներէն Եդուարդ Գովանի, որու պատրաստած թրքերէն-հայերէն ասութիւններու բառարանը լոյս տեսաւ վերջերս։