ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ նարտի մրցաշարք մը, որ 23-րդն է իր տեսակին մէջ։ Երէկ երեկոյեան միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին բացումը։