ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ մը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ։ Շաբաթավերջին այս ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր եւ Շիշլի մարզակումբի համակիրներ։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։
Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ նոյեմբեր ամիսը յատկացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի կառոյցներու ծանօթացման:
Անցեալ շաբաթավերջին՝ 23 եւ 24 նոյեմբերին Իսթանպուլի «Ճեւահիր» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ գագաթաժողով մը, որուն նիւթն էր «Կին եւ արդարութիւն»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ Մուրատ Չաքանը, Նուարդ Պարընը եւ Եւգինէ Վանլըօղլուն։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ սիրոյ սեղան մը պիտի սարքուի ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին:
Հարիւր յիսուն եւ երկու տարիներ անցան այն օրէն, երբ հոգւով ու սրտով վեհ հայուհին՝ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան ուխտեց տէր կանգնիլ իր ազգի որբացեալ ու կարիքաւոր զաւակներուն եւ դարձաւ երախտաշատ մայր մը։ Տարիներ անցան այն օրերէն, երբ Սրբուհի Մայրապետի ձեռամբ սկիզբ առին սուրբ առաքելութեան առաջին քայլերը եւ այդպիսով ամուր եւ անսասան հիմք մը հաստատուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Երկա՜ր ու դժուար տարիներ…
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները իրենց գործադրած յայտագրով ուսուցիչներու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը։