ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՇՈՒՐՋ
«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց թերթիս խումբ մը համակիրներն ու գործակիցները։
«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց թերթիս խումբ մը համակիրներն ու գործակիցները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Դեկտեմբերի 15-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնը եւ Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն է։
Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհիի մեծ վաստակը արժանացաւ բարձր գնահատանքի:
Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ Սաթենիկ Նշանին ուղարկուած պարգեւը երէկ յանձնուեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ուրախառիթ էր, որ այս հանգանակութեան առիթը արդարացաւ եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէին բացը հաւասարակշռուեցաւ ամբողջութեամբ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ մը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ։ Շաբաթավերջին այս ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր եւ Շիշլի մարզակումբի համակիրներ։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։
Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։