Տ. ԵԶՆԻԿ ՔՀՆՅ. ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու նախկին պոլսահայ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեանը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Պրազիլիոյ մէջ։ Սփիւռքի մէջ պաշտօնավարող նախկին պոլսահայ հոգեւորականներու շարքին ամենայայտնիներէն եւ ամենահամակրելիներէն մին է տէր հայրը։
Շաբաթավերջին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որուն պիտի յաջորդէ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ թաղի աշխոյժ ազգայիններէն Յովնան Տուրսունը ընդունելու խմբագրատանս մէջ։
Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։ Այս առթիւ նորանշանակ կուսակալը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ընդհանուր փոխանորդը։
Յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեծարուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ձեռամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլին յանձնուեցաւ յուշատախտակ մը
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միջվարժարանային ընթերցման խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Մեր զանազան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր մասնակցեցան այս խրախճանքին՝ ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ս. Թագաւոր եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Եշիլգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի Ամանորի հաւաքոյթը։ «Հայճար»ի ընտանիքը տարեմուտի առթիւ փափաքած էր ընդունելութիւնով մը համախմբել իր համակիրներու եւ գործակիցներու շրջանակը:
Հարպիյէի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Istanbul Art Show-ը, որ գեղարուեստական մեծ ձեռնարկ մըն է։ Վիթխարի ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ համախմբուած են կերպարուեստի բազում վարպետներ։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած էր քէրմէսը, որու բացումին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրաքեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։