ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ
Իսթանպուլահայ հասարակութեան ծանօթ երգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ան նորին սրբազնութեան նուիրեց նմոյշ մը իր սկաւառակէն, որ «Լոյս» կոչուած է, կը պարունակէ հոգեւոր երգեր, տաղեր եւ մեղեդիներ։
Լիբանանահայ ծանօթ առեւտրական Սեդրակ Քիւրէճեան, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակութային հարստութիւնները պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փոլատ ու ընկերակիցները, հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։
Պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն երեք արուեստագէտներ՝ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայիս ձեռնամուխ եղած են գեղարուեստական նոր հանդիսութեան մը պատրաստութեան։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու զանոնք եւ այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեցինք իրենց ծրագրին շուրջ։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ երեկոյեան Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Գատըգիւղի մէջ անցեալ շաբթուան տեւողութեան կատարուած ելոյթի մը շուրջ։ Երէկ, այս յայտարարութիւնը հրապարակեց իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի այն անդամներուն հետ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Մալաթիա քաղաքին հետ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս նորին սրբազնութիւնը զանազան ձեւաչափով կ՚ունենայ ժողովրդական հանդիպումներ եւ երէկուանն ալ մաս կազմեց նոյն ծիրին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։