ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՏԵՆԱՊԵՏ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ նշանակուեցաւ մեր համայնքի աշխոյժ գործիչներէն Արի Չոլաք։ Խնամակալութիւնը այդ պաշտօնը վստահած է Արի Չոլաքին, որ իր համախոհ ընկերներուն հետ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորէ Խնամատար մարմնի նոր կազմը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութեան հետ էին Ֆաթիհի գաւառակէն ներս գտնուող մեր եօթ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբը անընդհատ աշխատանք կը տանի յայտնաբերելու համար նոր տաղանդները։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքները այս տեսակէտէ կարեւոր միջավայր մը կը ստեղծեն։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնց մասնակցութիւն բերին մեր համայնքային նախակրթարանները։
Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի հերթական համագումարը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ միութեան 7-րդ շրջանի վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութիւնը արդէն ձեւաւորած է նաեւ իր դիւանը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը փուլ առ փուլ կը գործադրէ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագիրը։ Այս ամբողջէն ներս, անցեալ շաբթուան մէջ, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ բանակցութիւն մը, որու զուգահեռ կազմակերպուած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։
Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը վերջին շաբաթներուն կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Տարիներէ ի վեր կազմակերպուող եւ արդէն վաղուց աւանդական դարձած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի ձմրան դասընթացքները կը շարունակուին յաջողութեամբ։
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որու անուան տօնն էր եւ այս առթիւ շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ հաւատացեալներուն կողմէ։