ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ 14-ՐԴ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ միջվարժարանային մարմնամարզի փառատօն մը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մարմնամարզի համալիրէն ներս։ Իր տեսակին մէջ 14-րդ այս փառատօնին մասնակցութիւն բերին 14 համայնքային վարժարաններ, նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանը, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըն եւ մատակարար մարմնի անդամուհիներէն Սօնա Մորպոյաճըն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս առաւօտ Ֆէնէրպահչէի մէջ կազմակերպեց ամառնամուտի հաւաքոյթ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ «Khalkedon» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց զանազան թաղերէ տիկիններ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին Ս. Զատկի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր շնորհաւորեցին մնայուն բնակիչներու տաղաւարը։ Տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանի կողմէ։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեր կրթական մշակներուն համար՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած յատուկ դասընթացքներու շարքը հասաւ իր աւարտին։ Խորքին մէջ օգտաշատ զրոյցներու շարք մըն էր այս մէկը, որու տեւողութեան Զեքիեան Գերապայծառ խորհրդածութիւններ ըրաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ գիրերու գիւտին վերաբերեալ։
Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման քառասնից լրման առթիւ:
Այսօր յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կը գումարուի Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Սա Կրօնական ժողովի երկար սպասուած նիստն է, որ պիտի գայ սկիզբը դնել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ