Թրքահայ կեանք

«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉ» ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՇՆԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՍԿԻԶԲԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելած էին՝ ծանօթութիւններ փոխանցելու համար ձեռնարկի մը շուրջ, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին։

TOPLUMUMUZA DUYURU

Türkiye Ermeni Okulları Birliği adı verilen girişim çerçevesinde, cemaat basını aracılığıyla izlediğim çalışmaların genel gidişatıyla ilgili derin bir endişe taşıdığımı kamuoyuyla üzülerek paylaşmaktayım. Geçtiğimiz günlerde bu kapsamda düzenlenen çalıştay esnasında ismimin ima edilmesi, bu girişimin VADİP şemsiyesi altında yürütüldüğünün belirtilmesi bu açıklamayı zorunlu kılmış bulunmaktadır.

ԵՐԿԱՆԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Որոշ ժամանակէ մը ի վեր Արէտ Երկանեան կը տառապէր մէջքի շրջանի սաստիկ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով հասած էր գրեթէ անշարժունակութեան եզրին։

ՀԵՌԱՀԱՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը ժողով մը գումարեց՝ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ:
Գումգաբուի երէկուան բազմակողմանի քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ հրատապ խնդիրները:

ՊԱՐԹԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԷՍԱԵԱՆ-ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի երգիչ Պարթեւ Կարեան համերգի մը համար հրաւիրուած է Նիւ Եորք։ Ծանօթ է, որ Պարթեւ Կարեան մեր համայնքէն ներս ամենասիրուած ու նախնտրուած մենակատարներէն մին ըլլալու առընթեր սփիւռքի մէջ ալ ունի իր համակիրներու շրջանակը եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հրաւիրուի արտասահման։

ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբէն Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ աշխատանքի մեկնարկի առթիւ:
Համայնքի ընթացիկ խնդիրները, որքան որ ալ հրատապ ըլլան, պատճառ պէտք չէ դառնան նոր սերունդի նկատմամբ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան:

ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վերջին տարիներուն՝ Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ուզէ արտասահմանի վարժարաններու հետ աշխոյժ  կապեր հաստատել ու մշակութային գործունէութիւններ ծաւալել։ Այս կապակցութեամբ բեղուն աշխատանք կը տանի վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի՝ Սիպել Արբաճըք:

ՀԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉԷ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան:
«Ունինք պետութիւն մը, կառավարութիւն մը, որ թէ՛ զօրաւոր է եւ թէ կու տայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները»:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագէտներ՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած է անոնց համերգը։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Էջեր