ԱՐԹԻՆ ՏԵՄԻՐՃԻ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼԻՍԷ
Գոհունակութեամբ վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթին Տեմիրճի յաջողած է մուտք գործել քաղաքիս գերմանական լիսէն։ 2018-2019 կրթական շրջանի աւարտին ան վկայուած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մասնաւորապէս երիտասարդները վերակենդանացուցին զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Հայաստան, երէկ վերադարձաւ քաղաքս՝ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով։ Կը տեղեկանանք, որ ան իր կեցութեան օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի աւանդական մրցոյթը։ Միջնակարգերու եւ լիսէներու դասաւորման մէջ ընդհանուր առմամբ 18 խումբ մասնակցեցաւ այս տարուան «բառ-խաղ»ին, որ կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։
Իսթանպուլի կուսակալութիւնը երէկ իսկ պաշտօնապէս իրազեկուեցաւ նախօրէին Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովի գումարման եւ դիւանի կազմութեան մասին: Պատրիարքարանէն նահանգապետարան ուղարկուած նամակը ստորագրեցին տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու:
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական փառատօնը առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Այս ծրագիրը ձօնուած է երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։ Կազդուրման կայանը վերջին տարիներուն մեր համայնքի նոր սերունդին արձակուրդ ապահովելու առընթեր, Գնալը կղզիի մէջ ընկերամշակութային շարժումներու ծնունդ կու տայ, ինչ որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը Գումգաբուի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը՝ նախագահութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի: