ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ
Համայնքային եւ եկեղեցական մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 17 յուլիս 2019, չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած հաւաքոյթին կազմուած Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը իր անդրանիկ նիստը գումարեց 22 յուլիս 2019, երկուշաբթի, ժամը 17.00-ին՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ գիշեր մեկնեցաւ Հայաստան՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթով։ Իր կեցութեան օրերուն նորին սրբազնութիւնը պիտի նախագահէ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամներն ու թրքահայ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները:
Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ այս ամառ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է բնապահպանութեան։ Մասնաւորապէս տղաքը, ինչպէս նաեւ կղզեբնակները առաւել եւս զգուշացնելու նպատակաւ ի գործ դրուած են զանազան ծրագրեր։ Իւրաքանչիւր աշխատութիւն կը նպատակէ կանաչութեան կարեւորութիւնը շեշտել եւ մաքուր ու խնամեալ բնութեան ի նպաստ ծառայել։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտեան ժամերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարչայինները։ Այսպէս, տեղապահ ընտրուելուն առթիւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պատասխանատուներէն Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Միրիճանեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սեւան Յարզուարթեան համալսարանէն վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ։
Տեղապահի ընտրութեան ժամանակ յառաջ քշուած պնդումներուն արձագանգները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։