ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ. ՊԷԶՃԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Միջմիութենական պասքեթպոլի աւանդական մրցաշարքը, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ մեր մարզասէր շրջանակներէն ներս։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Լեւոն-Վարդուհեան սանուց միութեան խումբին առջեւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան երէկ անակնկալօրէն յետաձգման կապակցութեամբ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը թէեւ անակնկալ մըն է, սակայն սա ընդհանուր առմամբ չի նշանակեր, որ տագնապ մը ծագած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ.
Էսաեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փայլուն արարողութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։
Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
SEV վերջերս գումարեց իր հերթական ընդհանուր ժողովը։ Հիմնարկի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ համագումարը, որու դիւանի ատենապետն էր Հերման Պալեան, իսկ ատենադպիրներն էին՝ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու եւ Հապիպ Էօզֆուրունճու։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախորդ շաբաթավերջին կազմակերպուած այս երեկոյթով ընթացաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքը յիշատակուեցաւ աւանդական շուքով։
Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 շրջանի ընթացաւարտները վերջերս փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առին ու բռնեցին կեանքի նոր փուլի մը ճանապարհը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս մեծ խանդավառութեան։ Մխիթարեան վարժարանը այս տարի ունի 9 շրջանաւարտ։