ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Դանիոյ դեսպան Սվենտ Օլլինկը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ համայնքային կեանքի վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուսանողներ՝ գլխաւորութեամբ Գերման աւետարանական եկեղեցւոյ Իսթանպուլի պատուելի Կապրիելա Փաչէյի։ Հիւրերը Աստուածաբանական ճիւղի ուսանողներ էին։ Անոնք Իսթանպուլի իրենց կեցութեան ընթացքին փափաքած էին տեղեկութիւններ քաղել հայոց պատրիարքութեան մասին։
Գալֆաեան Տան մանկապարտէզի սաները վերջերս այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Երկու դպրոցներու նախակրթարաններու տղաքը մէկտեղուեցան իսկապէս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ ժամանց ունեցան իրարու հետ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն։ Այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին դպրոցէն՝ մինչ տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տատմատեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերներն ալ հետեւեցան ձեռնարկին, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Այսպէս, 11-րդ դասարանի տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։
Այս տարի Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ հայերէնի փառատօնը, որ դարձած է աւանդական։ Վերջին տարիներուն իւրաքանչիւր կրթական շրջանի վերջին շաբթուան կը զուգադիպին այս փառատօները։
Սկիւտարի սանուց միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Այս առթիւ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անդամները.