ՎԱՐՊԵՏԻ ՀՈԳԵՃԱՇԸ
Թաքսիմի «Point» պանդոկի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ ընթրիքի մտերմիկ սեղան մը:
Հոգելոյս Արա Կիւլէրի բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուած սեղանակիցները վերյիշեցին իրեն վերաբերեալ դրուագներ:
Թաքսիմի «Point» պանդոկի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ ընթրիքի մտերմիկ սեղան մը:
Հոգելոյս Արա Կիւլէրի բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուած սեղանակիցները վերյիշեցին իրեն վերաբերեալ դրուագներ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեանն ու իր օգնականը՝ Անի Մինասեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէին քաղաքիս մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով կը վերադառնայ քաղաքս։
Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր ելոյթ մը ունենալով աշակերտներուն հերթական անգամ յիշեցուց հայ տառերու, լեզուի եւ մշակոյթի կենսական նշանակութիւնը։
ՍԷՎ հիմնարկը վերջերս ստեղծած է «Երիտասարդներու հետ ձեռք ձեռքի» կոչուած յանձնախումբ մը։ Այս վերջինը անցեալ շաբաթ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ ասուլիս մը կազմակերպեց գրող Արէտ Վարդանեանի հետ։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւն:
Համայնքային շրջանակները խոնարհում բերին նորոգ հանգուցեալ բարերար Պետրի Եալընի յիշատակին առջեւ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տատեան վարժարանէն հիւրեր։ Այսպէս, մեր այցելութեան փութացած էին դպրոցի աշակերտներէն Հրակ Չաքմաքճը եւ Նորա Իփեքճի, նաեւ ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճը եւ Երանուհի Պալճը։
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ, առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս փայլուն հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Հայ մշակոյթի ձօնուած հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները մասնակցութիւն բերին մշակուած ծրագրին։
Գումգաբուի երէկուան հանգանակութեան արդիւնքը պոռթկում մը եղաւ համայնքէն ներս վարժարաններու ապագային համար վերջերս խորանալ սկսած յոռետեսութեան դէմ: Կեդրոնականի սիրոյ սեղանին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Եթէ եկեղեցին ու դպրոցը տկարանան, ապա յոյս չենք կրնար ունենալ ազգի գոյութեան համար»: