ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻ ԿՈՂՄԷ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը քաղաքապետարան այցելեց իր հետն ունենալով՝ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողանը, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրը եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու գործակից ընկերները, որոնց հետ էին նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է Գալֆաեան Տունը։ Այսպէս, դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի երկխօսութիւնը ծնունդ տուած է ողջունելի զօրակցութեան մը։
Նախընթաց օր ուրախութիւնն ունեցանք խըմ-բագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ հասարակական գործիչ եւ պրպտող Անահիտ Ղազարեանը։ Նկատի ունենալով, որ Անահիտ Ղազարեան անցեալի մէջ գրախանութներու բնագաւառէն ներս ալ աշխատանք ծաւալած է, ան արդէն ծանօթ էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
2019-2020 կրթական շրջանը երէկ սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թրքահայ կրթական համակարգն ալ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց վերամուտը։ Համայնքային մեր բոլոր վարժարաններէն ներս առաջին զանգը հնչեց տօնական մթնոլորտի մը մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ Ասատուր Բարունակեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Իրեն կ՚ընկերանար մեր համայնքի համակրելի երիտասարդներէն, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ բաժանմունքի աշխատակից Արաս Աշըք։
Վերամուտ է կրկին:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։