VGM-ԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ հաստատութիւն կամ միաւորում գոյութիւն չունի արձանագրութիւններու մէջ:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը զգայացունց պատասխան մը տուաւ՝ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի նամակին: