ՓՈՒԹՈՎ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ցաւալի դէպքին արձագանգները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ:
Իրաւապահ մարմինները երէկ օրուան երկրորդ կէսին իսկոյն գտան յանցագործը, որու հարցաքննութիւնը սկսաւ: Իշխանութիւններու կողմէ վճռական յայտարարութիւննե կատարուեցան՝ մեղմացնելով առկայ մտահոգութիւնը: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ: