ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս ներկայ ամառնամուտին թափ ստացած են գործունէութիւնները։ Նորահասներու համար այս շրջանին նախատեսուած է նկարազարդման աշխատանոց մը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Թանիա Հանչէրօղլուի կողմէ։
Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ երէկ այցելեց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր իր հետեւորդներուն հետ ընդունուեցաւ վիճակաւոր Զեքիեան Գերապայծառին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութենէն հոգեւորականներ եւ աշխարհական գործիչներ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ձիւնոտ առաւօտ մըն էր, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի ուղղուէի դէպի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Տնտեսի կիրակիին։ Օդը ցուրտ, ճանապարհը դժուար, սակայն մեր կայանը օրհնալից, յատկապէս կիրակնօրեայ պաշտամունքին պատրաստուածներուս համար։
Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքը շաբաթավերջին սկսաւ՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը։
Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կազմութեան երկրորդ տարեդարձին ձօնուած հաւաքոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Պատրիարքարանի «Հայ Մենթի-մենթէօր»ներու խումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած էր հետաքրքրական երեկոյթ մը։ Այսպէս, ձեռնարկը համախմբեց վերոյիշեալ խումբի երիտասարդներն ու պոլսահայ մամլոյ հիմնական ներկայացուցիչները։
Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի շրջանակէն ներս, լիսէներու մրցակցութեան մէջ Կեդրոնականի վոլէյպոլի խումբը դարձաւ ախոյեան։ Այս մրցաշարքի սկիզբէն ի վեր կեդրոնականցիներու ապահոված յաղթարշաւը երէկ հասաւ իր տրամաբանական աւարտին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորական մը ուղարկեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան 60-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։