Թրքահայ կեանք

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին Ոտնլուայի կարգը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Սրկ. Ներկիզի։

«ԳԱՐՈՒՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարուն» մանկապարտէզի սաներու հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Աւետման տօնին, Մայրութեան ու գեղեցկութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ։ Դահլիճի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անձնակազմի անդամները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորութիւններ յղեցին Ս. Զատկի տօնին առթիւ։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութիւնը յառաջ տանելու ժամանակ, վարչութիւնս միշտ ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան առանցքը։ Ընդհանուր առմամբ, անտարակոյս, հիմնարկիս գործունէութիւնը թէեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ է։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲՕՐ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Աւագ շաբթուայ խորհրդաւոր օրերուն փութաց իր հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն բարոյական զօրակցութեան։ Այսպէս, Սեն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ քարոզիչ հայր Քոնստանդինօ Չետոլինի, որ աւելի քան 35 տարիէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կ՚իրականացնէ, դժբախտաբար, կը տառապի քաղցկեղէ եւ դարմանման տակ կը գտնուի Ճերրահփաշայի հիւանդանոցին մէջ։

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ շաբթուան ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն Տասը կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ տասն կոյսերու առակը։

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան Տասը կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն Ս. Զատկուան առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Աշակերտները լի ու լի ըմբոշխնեցին այս մեծ տաղաւարի ուրախութիւնը։

ՊԱՐԸ՝ ԲՈԼՈՐԻ ԼԵԶՈՒՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՚առթէ ո՛չ միայն էսաեանցիներուն, այլեւ՝ մեր ամբողջ համայնքին։ 75-ամեայ սանուց միութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած է՝ միշտ գիտակցելով հայ մշակոյթի շարունակականութեան ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։

«ՄԵՐ ՏԱՆԻՔ»Ի ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Մեր տանիք» խմբաւորման հաւաքոյթը։ Ծաղկազարդի տօնի երեկոյեան զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով։

Էջեր