Թրքահայ կեանք

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ԼԻԱՐԺԷՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս ամառ պիտի վերականգնէ՝ ամբողջական ծաւալով իր գործունէութիւնը։ Վերջին տարիներուն, քորոնաժահրի համավարակին հետեւանքով Կազդուրման կայանը ամրան շրջանին չէր կրցած ծառայել իր բուն առաքելութեան:

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ Ս. Զատիկը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Զատկական աւանդական հանդէսը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը ըմբոշխնեն տօնական ոգեւորութիւնը։

ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ԵՒ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլի մարզակումբի ճատրակի խումբը վերջերս չորրորդ հանդիսացաւ՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Ակումբի աստղերու եւ փոքրերու կազմերը այս արդիւնքով մեծ խանդավառութիւն պարգեւեցին Շիշլիի ընտանիքին։

ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ ՅՈՐԴՈՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին Գումգաբուի մէջ առաջին տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնը՝ համավարակի ժամանակահատուածին:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Մեսրոպեան այբուբենը մեր դրօշակն է»:
Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցի պարագային պէտք չէ պաղ ջուր լեցնել եփած ճաշին վրայ՝ նախքան վերջնական որոշումներու տրուիլը. «Ի վերջոյ չմոռնանք, որ այս իշխանութիւնը Հանրապետական շրջանին մեզի նկատմամբ ամենէն լաւ վարուած իշխանութիւնն է ու կրնայ չնախընտրել մեզ յուսախաբել»:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, զորս այս շրջանին կը դիմագրաւէ պոլսահայ մամուլը։ «Հայ մամուլը շատ տուժած է համավարակի շրջանին՝ հակառակ, որ շատ էական դեր մը ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Մեծ աւետիսը մեր Տիրոջ եւ Փրկչի հրաշալի Յարութեան, մեր սիրտը վերստին կը լեցնէ լոյս զգացումներով ու սուրբ սպասումներով: Աստուած իր ամենասքանչելի գործը կատարած է՝ Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով, որպէսզի իր ստեղծած մարդուն մեղքերու քաւութեան համար ա՛ն պատժուի

ՀԱՒԱՏԱԼ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ի Քրիստոս հաւատացեալներ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ մատուցուած  ժամէն սկսեալ քառասուն օրեր շարունակ այս կենսաւէտ բառերով պիտի ողջունեն զիրար, որ իսկութեան մէջ Տիրոջ հրեշտակէն փոխանցուած աւետիսն է «իւղաբեր եւ սուրբ կիներուն», որոնք «ողբալով փութապէս եկած էին Տիրոջ գերեզմանին» այցելութեան, առանց գիտնալու, թէ այդ գերեզմանը առժամեայ բնակարան մըն էր իրենց այնքան սիրած Վարդապետին համար։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, յետմիջօրէի ժամերուն Ոտնլուայի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան արարողութեան ընթացքին լուաց Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներու ոտքերը։

Էջեր