Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ. ՎԱՐԴԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանը, որ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետն է։

ԷՐՈԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՎԻԹԽԱՐԻ ՎԱՍՏԱԿԸ ԿԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԷ ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու վերջին վերանորոգութիւնները առիթ հանդիսացած են, որպէսզի համայնքային շրջանակները վերաթարմացնեն իրենց խոր երախտագիտութեան զգացումները՝ յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի նկատմամբ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին։ Այսպէս, դպրաց դասու 113-րդ, իսկ երգչախումբի 90-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵՐԿՈՒ ԵԼՈՅԹՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՊՐԻԼԻՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթներով։ Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Քուրթուլուշի մարզակումբի սրահին մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին համոյթի փորձերը տեղի կ՚ունենան այստեղ։

ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆ ՖԼԷՅՔԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյքն ու կողակիցը։ Դեսպանին ուղեկցեցան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանութեան քաղաքական խորհրդական Քեւըն Մոզ։

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն անդամներ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեծահանդէս տօնակատարութիւններու, որոնք տեղի ունեցան Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան առթիւ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Վարդանանց յիշատակի տօնի արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ ձեռնարկ մը։ Տղաքը տօնի խորհուրդին մասնակից դառնալու առընթեր, հաճելի ժամանց ունեցան կազմակերպուած աւանդական խրախճանքով։

Էջեր