ԱՐԴԱՐ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին ուղեւորութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Քոմոթինիի մէջ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի սաները բացառիկ նուաճում մը արձանագրեցին՝ գրաւելով ունկնդիրներու սիրտը:
Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին ուղեւորութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Քոմոթինիի մէջ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի սաները բացառիկ նուաճում մը արձանագրեցին՝ գրաւելով ունկնդիրներու սիրտը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, եղանակի եզրափակիչ փուլին յարգանքով ու կարօտով վերյիշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի հարազատներուն:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համայնքային շրջանակներու մասնակցութեամբ յուզումնախառն հրաժեշտ:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ պաշտօնական դիմում մը կատարեց ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յանձնուած է նոյն տնօրէնութեան Իսթանպուլի Բ. շրջանի մասնաճիւղին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու գործակից ընկերները։

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։
Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հովանաւորուած «Մենք երգենք եւ պարենք» խորագրեալ երաժշտական երիտասարդական երեկոյթներու հերթականը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պուրկազ կղզիի մէջ։
Մեր աշխատակից Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիթէն.-
Շիշլի մարմնամարզական ակումբը Թուրքիան կը ներկայացնէ ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկին մէջ:
Իզմիթի «Կազանֆէր Պիլկէ» մարզադահլիճը այս օրերուն խանդավառ մրցապայքարի մը դատերաբեմը կը հանդիսանայ:
Պոլսահայութեան երկնակամարէն սահեցաւ մեր երէց սերունդէ պատուական ակադեմականին աստղը:
Ոչ եւս է փրոֆեսէօր Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու, որ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ նուաճած էր գիտական գագաթներ:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, պասքեթպոլի առասպելներէն Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը Գնալը կղզիի մէջ հասաւ իր աւարտին։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ եզրափակիչ փուլը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ ակումբի նախկին պասքեթպոլի աստղերը։