Թրքահայ կեանք

ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն հանդիպումը, որու ընթացքին Անթիքաճեան եւ Շէշէթեան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին յառաջիկայ ընտրութեան կապակցութեամբ։

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ երէկ կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան գործունէութիւնը:
Պետրոս Շիրինօղլու յուշանուէր մը յանձնեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին: Համայնքային շրջանակները ողջունեցին գթութեան յարկէն ներս կեանքի կոչուած վերջին նախագծերուն փայլուն արդիւնքը:

16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԸ՝ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ, ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐ

Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
Սեւան Շէշէթեան, Արէտ Բարունակեան եւ Առէն Կիւնպիլիր բացատրութիւններ տուին իրենց սկզբունքներուն շուրջ՝ շեշտելով համայնքէն ներս համերաշխութեան կարեւորութիւնը:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՍԵՄԻՆ

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի հովանաւորէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն ընկերացան Դաւիթ Տամլա եւ Մուրատ Շիրին։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած Կապոյտ ցանկի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սարգիս Չեթինքայայի։

«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԽՈՒՄԲԸ ՍԿՍԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ամրան շրջանի աւարտին «Բարեկամ» խումբը համայնքային շրջանակներէն ներս վերստին ձեռնարկած է իր գործունէութեան։ Ընկերային զօրակցութեան հետամուտ այս խումբը արդէն հետեւողական ծրագիրներ ունի եւ կազմակերպուած հունի մէջ կը զարգացնէ գործունէութիւնը։

Էջեր