ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ ՈՒ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Զաքարեան. «Մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մրցումներուն ժամանակ առաջին այցը կու տայ Հայաստան»:
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Զաքարեան. «Մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մրցումներուն ժամանակ առաջին այցը կու տայ Հայաստան»:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Իշխան Զաքարեանը, որ կը մէկտեղուի համայնքի մարզական գործիչներուն հետ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ս. Զատկի հանդէսը։ Դպրոցի սրահի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութեան շուրջ:
Համայնքային կառոյցներու նորընտիր մատակարար մարմիններու ձեւաւորումէն վերջ ERVAB-ի առաջին ժողովը:
Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Սահակ Սարգսեան ընթերցեց Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանի ցաւակցականը: