Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։
Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի համամտութեամբ ու օրհնութեամբ, հայր սուրբը այսօր միջօրէին կը ճամբորդէ դէպի Նիւ Եորք եւ ժամանակաւորապէս իր կեցութիւնը կը հաստատէ Ս. Ներսէս ճեմարանէն ներս։
SAHAK II
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Խաչիկ Էօզտեմիր։
BEDROS ŞİRİNOĞLU
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նոր եղանակին բացումը տեղի ունեցաւ եզակի մշակութային ձեռնարկով մը։ 2022-2023 շրջանի բացման առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը միութեան երդիքին տակ համախմբեց զանազան սերունդներէ արամեանցիներ, գատըգիւղցիներ եւ մշակութասէրներ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը սկիզբ առած է մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտը առիթ դարձաւ, որ աշակերտներն ու կրթական մշակները վերստին դպրոցի ճամբան բռնեն՝ յանուն լուսաւոր ապագայի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչայինները։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւրերը համայնքային ընտրութեանց ընդառաջ փափաքած էին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնել իրենց գործունէութեան մանրամասնութիւններն ու ապագայ ծրագրերը։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մէջ երէկ գիշերուան դրութեամբ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրամշակումներ։ Այս բոլորը ուժի մէջ մտան՝ Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով։